ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Առմէնի», «Նոր Յառաջ»․- « Lieux Dits » հրատարակչատունը լոյս ընծայեց ՀԲԸՄի Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանի «Ռոն Հովիտի Փոքրիկ Հայաստանները» («Les Petites Arménies de la vallée du Rhône») հատորը։
Ֆրանսայի մէջ հայ գաղթականներու պատմութիւնը կը տարածուի ամբողջ 20րդ դարուն վրայ եւ կը շարունակէ մնալ այժմէական։ Ռոնի հովիտը եւ շրջակայքը կարեւոր տեղ ունին այդ պատմութեան մէջ, քանի որ գաղթական հայերը այդ շրջանը չգործածեցին որպէս տարանցման պարզ միջանցք մը, այլ հոն կայք հաստատեցին։ Ռոմանի, Վալանսի, Մոնթելիմարի, Օպընայի, Սան-Մարթեն տ՚Էրի, Կրընոպլի, Տեսինի, Վիէնի, Լիոնի, Սանթ Էթիէնի եւ Սան Շամոնի մէջ այդ գաղթականները եւ իրենց շառաւիղները արմատներ նետեցին։
Այլամերժութեան եւ «կեթօ»ի դժուար ժամանակներէն ետք՝ անոնք յաջողեցան այդ վայրերուն մէջ ստեղծել փոքրիկ Հայաստաններ, որոնք երբեմն ցամքեցան, ուրիշներ՝ յարատեւեցին եւ որոնց թողած ժառանգութիւնն է, որ կը տեսնենք այսօր։
Պորիս Աճէմեան այս արմատաւորումներու պատմութիւնն է, որ գրած է։ Անոր գիրքը կը պատմէ գաղթերու յաջորդական ալիքներուն մասին՝ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժամանումը, ապա՝ երգելով Հայաստան մեկնողներունը եւ անոնցմէ ոմանց դառն վերադարձը, աւելի ուշ՝ 1950ականներէն 80ականներ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հասնողներունը, հուսկ՝ անկախութենէն ետք՝ հայաստանցի գաղթականներունը։
Հատորին առաւել մանրամասնօրէն ծանօթանալու կամ ապսպրելու համար այցելել www.lieuxdits.fr/les-livres/les-petites-armenies-de-la-vallee-du-rhone կայքէջը։