ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- 18 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը նշեց իր հիմնադրութեան 115ամեակը՝ յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպելով հիւանդանոցի պարտէզին մէջ։
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ ընթերցեց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքը։
Ներկայ էին հիւանդանոցի նախագահ Ալիս Իսայի, հաստատութեան պատասխանատուներ եւ անձնակազմի անդամներ։
Առաջնորդ սրբազանը կը յայտնէր, որ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը վերջին 115 տարիներուն ընթացքին Աստուծոյ օգնութեամբ ո՛չ միայն բժշկական ծառայութիւններ մատուցած է, այլեւ՝ անոր երկարամեայ պատմութիւնը լի է հաւատքի, սիրոյ, կարեկցութեան, յոյսի, ծառայութեան, նուիրուածութեան ու զոհաբերութեան գործունէութեամբ. մէկ խօսքով՝ գործով կենսաւորուած հաւատքով։ Ան նաեւ կ՛ընդգծէր, որ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է իր նմանին բեռը թեթեւցնելու՝ այսպիսով Աստուծոյ սէրը, գութն ու խաղաղութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ դրսեւորելով։ Ան նաեւ հաստատած էր, որ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի մեծ ընտանիքը այս առաքելութիւնը հաւատարմութեամբ կատարած է՝ հիւանդները համարելով ո՛չ թէ լոկ իբրեւ ֆիզիքապէս հիւանդներ, այլ իբրեւ Աստուծոյ արարածներ՝ անոնց ֆիզիքական ցաւերը բժշկելու կողքին, նաեւ սիրտերը եւ հոգիները բժշկելով։
Սրբազանը նոյնպէս գնահատած էր առողջապահական ոլորտին մէջ բոլոր աշխատակիցներուն գործադրած ջանքը եւ զոհողութիւնը, որոնք համաճարակին ընթացքին իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով՝ շատերու կեանքը փրկեցին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ քրիստոնէական սիրոյ մարմնացումը։
Իր խօսքը եզրափակելով, առաջնորդը աղօթք կը բարձրացուցնէր առ Աստուած, որ առողջապահութեան ոլորտի բոլոր աշխատողները հեռու պահէ պէս-պէս դժուարութիւններէ եւ անոնց պարգեւէ առողջութիւն, ուժ ու կորով՝ շարունակելու համար իրենց մարդասիրական ու աստուածահաճոյ աշխատանքը։