ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ներկայիս առնուազն 12 անդամներ ունեցող Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական խմբակցութեան ղեկավարները՝ Ատրին Նազարեան, Լօրա Ֆրիտմըն, Էնթընի Փորթանոինօ եւ Սքաթ Ուիլ, կը տեղկացնեն, թէ օրէնսդրական խմբակցութեան տարեական մրցանքին շահողները յստակացած են։
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրարանցումին հետեւանքով, կազմակերպիչները որոշած էին ստեղծագործութիւններուն ներկայացման ժամկէտը երկարաձգել։
Շարադրութիւնը պէտք է գրուէր իբրեւ դիմում՝ Սաքրամենթօ գտնուող Քալիֆորնիոյ թանգարանի տնօրէնութեան, համոզելու համար զայն, որ Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող կամ նահանգին հետ սերտ կապեր ունեցող ամերիկահայ անձնաւորութիւն մը պէտք է ներկայացուի թանգարանի «Հռչակի սրահ»ին մէջ:
Մրցանակակիրներ են․ Հէկտըն Վեթրելլա (առաջին՝ 1000 տոլար), Ֆէյթ Օսաճի (երկրորդ՝ 500 տոլար) եւ Հայկ Սիմիթեան (երրորդ՝ 300 տոլար)։
Գծագրութեան մրցանքին այս տարուան մրցանքին նիւթն էր՝ «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»։
Մրցանակակիրներ են․ Ռիմա Մակարեան (առաջին՝ 1000 տոլար), Թերեզա Հեմբըն (երկրորդ՝ 500 տոլար) եւ Սառա Խաչիկեան (երրորդ՝ 300 տոլար)։