ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.»․- «Էֆ.Պի.Այ.»ի տնօրէն Քրիս Ռայի Քոնկրեսին մէջ լսումներուն ընթացքին նշեց, թէ «Էֆ.Պի.Այ.»ը մօտէն կը հետեւի ծայրայեղ աջակողմեան եւ ձախակողմեան այն զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք Փորթլընտի, Քընոշայի եւ այլ վայրերու մէջ ազգայնամոլութեան դէմ ցոյցերու ընթացքին բախումներ ունեցած են:
«Ունինք խմբաւորումներ, որոնք իրարու հակասող տեսակէտներ ունին, ինչ որ կացութիւնը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ: Այդ մէկը նկատեցինք շարք մը քաղաքներու մէջ, եւ ասիկա զիս կը մտահոգէ», ըսաւ «Էֆ.Պի.Այ.»ի տնօրէնը:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ 2016ի օրինակով, Ռուսիա դարձալ աշխոյժ աշխատանք կը տանի, նախագահ Թրամթի ընտրութիւնը ապահովելու համար, որովհետեւ Ճօ Պայտընը իր շահերուն չհամապատասխանող թեկնածու մը կը նկատէ։