ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս»․- Ըստ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան՝ Լոս Անճելըսի «Chevy Chase» վիրաբուժական կեդրոնին փոխանցուած են Արցախի կողմէ ուղարկուած եւ Արցախի մէջ արտադրուած բժշկական առարկաներ։
Վիրաբուժական կեդրոնի գլխաւոր վարիչ Րաֆֆի Սարգիսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարությունեանին, կառավարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս նախաձեռնութեան իրականացման: Ան նաեւ վստահեցուց, որ «Chevy Chase» կենդրոնը պիտի շարունակէ Արցախին եւ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը՝ թէ՛ անձնակազմի մասնագիտական վերապատրաստման եւ թէ անհրաժեշտ բժշկական սարքերու տրամադրման ճամբով՝ նպատակ ունենալով նպաստել առողջապահական համակարգի զարգացման ու կատարելագործման։