ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, ըստ Պաքուի հաղորդագրութեան, «հայկական գնդակէ սպաննուած» ատրպէյճանցի զինուոր Էլշեն Մեմմետովի հարցին եւ Հայաստանը մեղադրեց զինարադադարը խախտելու յանցաքով, նոյն ժամանակ զգուշացրելով, որ Հայաստան անմիջապէս կասեցնէ «կրակի հետ խաղալը»։
Թուրք-ատրպէյճանական քարոզչական շեշտերը կրող նշեալ յայտարարութիւնը երկրորդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու։ Ըստ անոր՝ Հայաստան պէտք է դադարեցնէ «բռնարարքները եւ խելքը գլուխը հաւաքէ»։
Համակարգուած այս արշաւէն անմասն չմնաց նաեւ նախագահ Էրտողան՝ ՄԱԿի 75ամեակին նուիրուած հաւաքին ընթացքին յայտարարելով. «Յուլիսին Ատրպէյճանի հողերուն վրայ յարձակած Հայաստան դարձեալ ապացուցեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան առջեւ կանգնած մեծագոյն խոչընդոտն է։ Մենք կը փափաքինք, որ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները, մասնաւորապէս՝ Արցախի հարցը, արագօրէն լուծուին Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ ՄԱԿի ու ԵԱՀԿի որոշումներուն համապատասխան»։