27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան, Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքով Ատրպէյճան բուռն կերպով ռմբակոծումի ձեռնարկեց: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան:
«Այսօր վաղ առաւօտեան, շփման գիծի ամբողջ երկայնքով թշնամին բուռն հրետակոծութիւն սկսած է: Կը ռմբակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ինրպէս նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Բնակչութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ պատսպարուելու», յայտնեց ան՝ նոյն ժամանակ յայտարարելով, որ Արցախի պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ, իսկ իրավիճակի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւ։
Վահրամ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի յարձակումին իբրեւ արդիւնք, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մէջ կան տասնեակ վիրաւորներ, որոնք իրենց բնակարաններուն մէջ ենթարկուեցան ռմբակոծման։ Զոհուած են կին մը եւ իր զաւակը։
Աւելի ուշ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական զօրքերու` քանի մը ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են, հակառակորդը կրած է մարդկային եւ զինուորական սարքերու կորուստներ, մասնաւորապէս` տասնեակ հրասայլեր: Ան նաեւ յայտնեց, որ Արցախի մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին հայկական կողմը խոցած է հակառակորդի ուղղաթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Ըստ Ստեփանեանի՝ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է «հակայարձակման» սկսելու մասին՝ կը փաստէ, որ գործողութիւնները շատոնց ծրագրաւորուած եղած են։ Այս մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ աստիճանաւոր յարձակման մասին պաշտօնական հաղորդագրութենէն վայրկեաններ ետք ալ ատրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները առաջնագիծէն նիւթեր կը հրապարակէին։
Ստեփանեան բացատրեց, որ տարրական գիտելիք ունեցող ոեւէ զինուորական պիտի փաստէ, որ հակայարձակման գործողութեան ծրագրաւորումը շաբաթներ կը տեւէ, որ նաեւ կը փաստէ, որ Ատրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքը նախապէս ծրագրուած էր։
Օրուան մէջ, աւելի ուշ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի տեղեկատուութեան բաժինի պետի պաշտօնակատար Սուրէն Սարումեան յայտնեց, որ արցախեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տակաւին կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները։ Ան նշեց, որ հակառակորդը ունի նոր կորուստներ: Ըստ ճշդուած տուեալներու` անոնց կորուստներու թիւը աւելցած է:
Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ներկայացուց սահմանային իրավիճակը՝ երեկոյեան ժամը 9ի տուեալներով:
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանական կողմը ունի շուրջ 200 զոհեր եւ կորսնցուցած է 30 հրասայլեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Հայկական կողմը ունի 16 զոհե, 100 վիրաւորներ, որոնցմէ 10ն տեղափոխուած են Երեւան: Զոհերու տուեալները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին:
Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ոչ-ամբողջ երկայնքով կը նկատուի լարուածութիւն․ հարուածներ եղած են Վարդենիսի ուղղութեամբ, սակայն անոնք երկար չեն տեւած։