ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շամլեան Ազգային վարժարանի աշակերտները վերանկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն կողքին, նաեւ անակնկալ առիթը ունեցան վայելելու վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ այժմ աշխառահրչակ երգիչ ու յօրինող Սեպուհ Սիմոնեանի իւրայատուկ կատարումը:
Շեշտելէ ետք, թէ հայերէնը եւ հայ մշակոյթը սորվիլը շատ կարեւոր է մեր ինքնութեան պահպանման համար՝ ան կատարեց Կոմիտասի »Ես Սառէն Կու Գայի« երգը, նախ՝ հայրէնով, ապա անգլերէնով: