Ա. Պ.
Ինչպէս հաւանաբար մեր ընթերցողները նկատեցին, հայկական լրատուական այլ աղբիւրներու նման «Ասպարէզ»ի կայքը եւս անցնող օրերուն «հեքըր»ներու կողմէ թիրախ դարձաւ, եւ իբրեւ արդիւնք՝ խափանուեցաւ մեր կայքին բնականոն գործունէութիւնը: Այս օրերուն, յաճախ հեռաձայններ կը ստանանք մեր ընթերցողներէն, որոնք դժուարութիւն կ՛ունենան այցելելու մեր կայքը, իսկ մեր կարգին, «հեքըր»ներու խափանարար արարքներուն պատճառով, դժուարութիւն կ՛ունենանք օրին թարմացնելու լուրերու հոսքը մեր կայքին վրայ:
Ծանօթ է, անշուշտ, այս խափանարարութիւններուն ետին կանգնող կողմերու ինքնութիւնը: Պատահական չէ, որ նման խափանարարութիւններ կ՛աշխուժանան յատկապէս հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան թեժացման օրերուն, ինչպէս էր պարագան երկու ամիս առաջ, Տաւուշի սահմանամերձ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներու օրերուն:
Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը վաղուց արդէն դուրս եկած է տեղական սահմանային շրջածիրէն եւ իր քարոզչական պայքարի երեսով՝ ստացած է նոր ծաւալ եւ տարողութիւն՝ ընդգրկելով մամուլի եւ քարոզչական հարթակներ աշխարհի զանազան երկիրներու կամ ցամաքամասերու մէջ:
Ամէն ինչ «միտիա»ով բնորոշուող այս դարուն, հակաքարոզչութիւնը եւ ելեկտրոնային խափանարարութիւնը ազդու պայքարի միջոցներ կը համարուին: Ճակատներու վրայ արձանագրուած արդիւնքներու կողքին, այլեւս նոյնքան կարեւոր է քարոզչական միջոցներով ապահովել դրական վարկանիշեր, որոնց համար պետութիւններ միլիառներ կը տրամադրեն իրենց պաշտպանութեան ծախսերու պիւտճէին մէջ:
Հետեւաբար, այսուհետեւ պէտք է ակնկալել, որ մամուլի ելեկտրոնային ընդհատումները աւելի յաճախակի դառնան ամէն անգամ, երբ հայ-ատրպէյճանական կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնները նոր զարգացումներ ունենան:
Պատերազմները այլեւս ունին իրենց ինքնուրոյն մամուլի ճակատը, զոր անհրաժեշտ է պահպանել: