ՖՐԵԶՆՕ, «Էյ․Պի․Սի․»․- 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հարիւրաւոր հայորդիներ մասնակցեցան բողոքի ցոյցի մը եւ քայլարշաւի մը՝ դատապարտելով Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համակարգուած յարձակումները։
Ցուցարարները կոչ ըրին միջազգային համայնքին, որ անյապաղ կասեցնէ Պաքուի եւ Անգարայի ոճրային արարքները եւ պահանջեցին, որ Թուրքիա արտաքսուի ՆԱԹՕէն։