ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան հետ նամակով մը դիմեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռան Տերմերին՝ պահանջելով անկէ, որ Իսրայէլ անմիջապես դադարեցնէ զէնքերու վաճառքը կամ փոխանցումը Ատրպէյճանին:
Ան յիշեցուց, որ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ 27 Սեպտեմբերին սկսած Պաքուի անակնկալ յարձակումին ընթացքին կը գործածուին իսրայէլաեան արտադրութեամբ անօդաչու սարքեր եւ հրթիռներ, որոնց մէկ մասը գործածուած են նաեւ քաղաքացիական թիրախներու դէմ:
«Նման մահաբեր զենքերու փոխադրումը պէտք է անյապաղ դադարեցուի՝ նկատի ունենալով տարրական բարոյականութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ միջազգային օրէնքները», գրած է Համբարեան՝ շեշտելով, որ իբրեւ ցեղասանութիւն ապրած ժողովուրդի երկիր, Իսրայէլը պէտք չէ մեղսակից ըլլայ հայերու երկրորդ ցեղասպանութեան:
Նամակը կարելի է կարդալ՝ http://anca.org/assets/pdf/100520_ANCA_Letter_AmbDermer.pdf կայքէջին վրայ։