ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան ազդարարեց, որ Արցախի քաղաքացիական թիրախներու վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն ցուցաբերած Ուաշիկթընի տկար հակադարձութիւնը ոչ միայն կասկածի տակ կը դնէ Ամերիկայի վարկը, այլ նաեւ կը սպառնայ հայերու դէմ նոր ցեղասպանութեան մը կամ շրջանային տագնապի մը առաջնորդել։
«Պաքուի եւ Անգարայի ոճիրներուն արդարացում գտնելու ջանքեր թափելու փոխարէն, Ուաշինկթըն պէտք է արդէն պատժամիջոցներ հաստատած ըլլար եւ Էրտողանը եւ Ալիեւը քրէական պատասխանատուութեան կանչելու պատրաստուէր», շեշտեց Ջուլճեան՝ կոչ ընելով անյապաղ կասեցնելու Պաքուի տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները եւ պարտադրել անոր, որ ընդունի զինադադար հաստատելու եւ պահպանելու պայմանները, որոնց Հայաստանը արդէն իսկ համաձայնութիւն տուած է։