ԴԱՄԱՍԿՈՍ․- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապի նոր սրման գլխաւոր նախաձեռնողը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն է:
«Լիպիոյ մէջ ան ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս սկսած տագնապի գլխաւոր հրահրողը եւ նախաձեռնողն ալ անձամբ ինք եղած է», յայտարարեց Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիայէն զինեալներ կը տեղափոխուին Արցախի տագնապի գօտի, եւ Դամասկոս կրնայ այս մէկը հաստատել:
Նշենք, որ Սուրիոյ Քիւրտիստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանին եւ Հայաստան բնակող քիւրտ ժողովուրդին` հաստատելով, որ պիտի կանգնի Հայաստանի կողքին` նախայարձակման դէմ Ատրպէյճանի, որուն անմիջական աջակցութիւն ցոյց կու տայ Թուրքիա: Կուսակցութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Գամիշլիի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի շէնքին մօտ: Ցոյցին մասնակցողները դատապարտեցին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները: