ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլատնայի (Նետերլանտզ) խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի Արցախի պատերազմը անյապաղ կասեցուի։
Բանաձեւին հեղինակը համախոհական կառավարութեան մաս կազմող Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան բանբեր Մարթին ֆան Հելֆերթն է:
Բանաձեւը յստակօրէն կը նշէ, թէ Թուրքիա կը հրահրէ ատրպէյճանական կողմէն սկսած կռիւը՝ դատապարտելով յատկապէս Պաքուի եւ Անգարայի յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը։