ԹԵՀՐԱՆ, «Թասնիմ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի 7 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան տարիներ շարունակ պայքար մղած է դրացի երկիրներու մէջ ահաբեկիչներու դէմ, որպէսզի զանոնք հեռու պահէ իր սահմաններէն:
«Այնպիսի մարդիկ, ինչպիսին նահատակ Սիւլէյմանին է, եղած են այդ երկիրներուն մէջ եւ պայքարած անոնց դէմ, որպէսզի հոն սպաննեն ահաբեկիչները, եւ անոնց չարտօնեն մօտենալ մեր սահմաններուն: Մենք Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարած ենք անոնց ժողովուրդին օգնութեամբ: Անթոյլատրելի է, որ որոշ մարդիկ տարբեր պատրուակներով ուզեն ահաբեկիչները Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն բերել Իրանի սահմաններուն մօտ գտնուող շրջանները, եւ մենք այդ առնչութեամբ մեր դիրքորոշումին մասին ուղղակիօրէն տեղեկացուցած ենք թէ՛ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, թէ՛ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական անձերուն», յայտարարեց ան:
Ռոհանի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի հայ-ատրպէյճանական տագնապը չվերածուի շրջանային պատերազմի եւ երրորդ կողմերը զգուշացուցած է զինուորական գործողութիւններ հրահրելէ:
Իրանի նախագահը նաեւ ափսոսանք յայտնեց շարունակուող պատերազմին վերաբերեալ՝ կոչ ուղղելով դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները: