ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու 2 բանավէճէն առաջ, կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, 15 Հոկտեմբերին ծրագրուած 2րդ բանավէճը պիտի կատարուի առցանց։
Այս որոշումին պատճառով, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի բանավէճին։
Յիշեցնեք, որ կազմակերպիչները արդէն իսկ կը քննէին բանավէճին օրէնքները փոխելու կարելիութիւնը, նկատի ունենլով, որ Թրամփ ոտնակոխած էր առաջին բանավէճին օրէնքերը, շարունակաբար խանգարելով Ճօ Պայտընի խօսքերը։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օրուան փոխնախագահի թեկնածուներուն բանավէճին ընթացքին, Մայք Փենս առնուազն 10 առիթներով ընդհատեց Քամըլա Հերիսի խօսքերը, դարձեալ ցոյց տալով, որ ներկայ վարչակազմը տարրական օրէնքեր յարգելու դժուարութիւն ունի։