ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 9 Հոկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ դեսպան Լաքոթ վերահաստատեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ կողմերը համախմբելու ջանքեր գործադրելու։
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական կողմին՝ տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործaդրած ջանքերուն եւ ցուցաբերած անկողմնակալ մօտեցումին համար: Դեսպանին խնդրանքով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուց ռազմական գործողութիւններու տարածքին մէջ իրավիճակը եւ հաւանական զարգացումերը: