ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր պաշտօնակիցը տեղեկացուց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ 8 Հոկտեմբերին ունեցած իր զրոյցներուն, Ռուսիոյ նախագահին` Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն խորհրդակցութիւններու կազմակերպման առաջարկին վերաբերող մանրամասնութիւնները։
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակեցին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններու օրակարգին, ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման հարցերուն շուրջ։