ԵՐԵՒԱՆ.- Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւնները՝ մարդասիրական զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կոչով:
Հանդիպումի օրակարգին վրայ բացառապէս ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման հարցերն են:
Լրատուամիջոցներուն թոյլատրուեցաւ միայն հանդիպումի մեկնարկի արարողակարգային նկարահանում, ապա քննարկումները շարունակուեցան փակ դռներու ետին: