ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող «Մենք ենք, մեր սահմանները․ բոլորս Արցախի համար» համազգային դրամահաւաքին համար հանգանակութիւններ ստացուած են աշխարհի 73 պետութիւններէ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հաղորդագրութենէն, որ հրապարակուած է անոր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Առաջին 150 միլիոն տոլարի հանգանակութեան մեծագոյն բաժինը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն՝ հանգանակուած գումարներուն 45․3 տոկոսը: Հայաստանի մէջ հանգանակուած է ընդհանուր գումարին 33․3 տոկոսը: Հանգանակութեան ծաւալով երրորդը Ռուսիան է՝ 10․7 տոկոսով: Ծաւալով չորրորդը եւ հինգերորդը Ֆրանսան ու Գերմանիան են` համապատասխանաբար` հանգանակութեան 2․9 ու 1․0 տոկոսով:
«Միասնական որոշում է կայացուել` սկսել «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով համազգային դրամահաւաք-արշաւ` աջակցելու Արցախում ամուր կանգնած մեր քոյրերին ու եղբայրներին», 27 Սեպտեմբերին յայտարարեց հիմնադրամը:
Հիմնադրամէն յայտնեցին նաեւ, որ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել հիմնադրամի www.himnadram.org կայքին միջոցով, ինչպէս նաեւ փոխանցումներ կատարելով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան յատուկ հաշիւներուն։