ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումը շնորհեց բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ջալալ Յարութիւնեանին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար։
«Սա առաջին հերթին մեր բանակի հերոսական պայքարի գնահատականն է. այն պայքարի, որ, պատերազմի առաջին իսկ օրից սկսած, մղում են թէ՛ հրամկազմը, թէ՛ բոլոր ստորաբաժանումները` ցուցաբերելով աշխարհի ամենաբարձր պրոֆեսիոնալիզմն ու նուիրուածութիւնը: Ջալալ Յարութիւնեանը մեր հերոսն է, եւ նրա օրինակով մենք պէտք է սերունդներ դաստիարակենք: Շնորհակալութիւն, պարոն գեներալ: Պատի՛ւ ունեմ», յայտարարեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Ան տեղեկացուց, որ Ջալալ Յարութիւնեանի առողջութիւնը, բժիշկներուն հաստատումով, շուտով պիտի վերականգնի: Ան ապաքինման փուլին մէջ է եւ շուտով պիտի միանայ ծառայակից ընկերներուն: «Համոզուած եմ` հրամանատարի հարուստ փորձն ու գիտելիքները դեռ երկար են ծառայելու մեր հայրենիքին», ընդգծեց Արցախի նախագահը: