
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ բանակցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ՝ առանց որեւէ նախապայմանի: Լուրը հաղորդեց «Ինթերֆաքս»ը:
Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծեց, որ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ իրականացնելու հրաւէր չէ ստացած, սակայն ստանալու պարագային դրական կ՛արձագանգէ: