Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան դարձեալ դատապարտեց Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուած թուրք-ատրպէյճանական վայրագ յարձակումները՝ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը:
«Տագնապի սրման, ինչպէս նաեւ հայ անմեղ անձերը շարունակաբար թիրախ դարձնելու եւ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումի սպառնալիքներուն ի տես, միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը», գռած է Մխիթարեան:
Միւս կողմէ, յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի եռակի, Եւրոպայի հնգակի, ողիմպիական եւ եւրոպական խաղերու ախոյեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖի դեսպան Արթուր Ալեքսանեան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
«Մենք նոյնն ենք, մենք Արցախ ենք: Կը ճանչնա՞ս զիս: Ճանչցի՛ր Արցախը», ըսաւ հայրենի ըմբիշը:
Նաեւ, Փարիզ հաստատուած Եւրոպայի մէկ քայլ ոստումի ախոյեան եւ մրցանշակիր, Հայաստանի աթլեթիզմի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան գրած է հետեւեալը. «Բոլորիս համար ալ մտահոգիչ է այն, ինչը կը կատարուի Արցախի մէջ: Բոլորս ալ կ՛ուզենք պատերազմին դադրեցումը: Մեր կողմէ կատարուած խաղաղ ցոյցերով, Ֆրանսայէն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներէն կը պահանջենք ամէն գնով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք եւ ոչ թէ պատերազմ»: