ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Կ՛ուզէի վերանորոգել իմ սրտագին կոչը՝ (Արցախի) տագնապին մաս կազմող կողմերու պատասխանատուներուն, որպէսզի որքան կարելի եղածին չափ շուտ միջամտեն՝ կասեցնելու համար անմեղ արեան հեղումը», շեշտեց Ֆրանսիս պապը, իր կիրակնօրեայ պատգամին մէջ, «ողբերգական» նկատելով Արցախի մէջ պատահող դէպքերը:
«Այս տօնական օրուան առիթով չմոռնանք այն, ինչը կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր զինեալ բախումներ իրարու կը յաջորդեն դիւրաբեկ զինադադարներու, զոհերու ողբերգական աճով, բնակարաններու, ենթակառոյցներու եւ աղօթատեղիներու կործանումով ու քաղաքացիական բնակչութեան աւելի ու աւելի զանգուածային ներգրաւումով», ընդգծեց պապը՝ Ամենայն Սրբոց տօնին առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ:
Պապը կոչ ուղղեց՝ հարցը լուծելու միջազգային կողմերու անկեղծ բանակցութիւններու ճամբով, հեռու՝ բռնարարքներէ, եւ ըսաւ. «Թող չմտածեն հարցը լուծել բռնութեամբ, այլ՝ յանձնառու ըլլան վարելու անկեղծ բանակցութիւններ, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ: Իմ կողմէս մօտ եմ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին, եւ հրաւէր կ՛ուղղեմ հայցելու սուրբերու բարեխօսութիւնը՝ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար»:
Նշենք, որ 31 Հոկտեմբերին, պապը Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած երկու հոգեւորականներ նահատակ հռչակած էր։
Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ պապը Քափուչին վանականներու միաբանութեան քահանաներ՝ Լէոնարտ Մելքինը եւ Թոմաս Սալեհը նահատակ հռչակեց՝ «1915 եւ 1917 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ հաւատքի հանդէպ ատելութեան պատճառով»:
Ցեղասպանութեան օրերուն, Պէյրութէն 22 քլմ. հեռու գտնուող Պաապտեթ քաղաքին մէջ, երկու վանականները ձերբակալուած էին եւ չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք սպաննուած էին: