ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»ին եւ ՖԻՖԱին՝ ատրպէյճանական ֆութպոլի պատասխանատուներուն կողմէ հրապարակուած հայատեաց նիւթերով բովանդակութիւններուն մասին:
Նախորդ շաբաթավերջին, ատրպէյճանական «Քարապաղ» ֆութպոլի ակումբի մամլոյ բաժանմունքի պատասխանատու Նուրլան Իպրահիմով հանդէս եկաւ հայերուն դէմ ուղղուած հետեւեալ ահաբեկչական բնոյթի յայտարարութեամբ. «Մենք պէտք է սպաննենք բոլոր հայերը՝ երեխաները, կիները, ծերերը: Առանց խտրութեան, պէտք է սպաննել: Ո՛չ մէկ ափսոսանք, ո՛չ մէկ կարեկցանք: Եթէ մենք չսպաննենք, իրենք կը սպաննեն մեզ եւ մեր երեխաները»:
Ասկէ մեկնելով՝ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը պահանջեց «Քարապաղ» ֆութպոլի ակումբը անյապաղ հեռացնել՝ «Եուրոփա» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, որուն այդ ակումբը կը մասնակցի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: