ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 6րդ: Առաջին դիրքին վրայ կը մնայ նորվեկիացի աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Հայաստանի ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 53րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան՝ 78րդ, իսկ Կարէն Գրիգորեան՝ 96րդ: