ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները պէտք է օգնութիւն ցուցաբերէ պատերազմէն վնասուած Արցախին, միացեալ յայտարարութեամբ մը շեշտեցին Ծերակոյտի անդամներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Ռապ Փորթմըն:
«Հարաւային Կովկասի մէջ մարդասիրական իրավիճակը աղէտալի է, եւ ձմրան մօտենալուն հետ՝ վիճակը առաւել եւս պիտի ծանրանայ: Կացութիւնը աւելի մտահոգիչ կը դարձնեն թէ՛ «Քորոնա» ժահրը եւ թէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի հրահրած պատերազմին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ենթակառոյցներուն հասցուած հսկայական վնասները: Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայ բնակչութեան կէսէն աւելին հեռացած է, մասնաւորաբար՝ կիներուն եւ մանուկներուն 90 առ հարիւրը: Զինուորական գործողութիւնները թէեւ աւարտած են, սակայն անոնց հասցուցած վնասները միջազգային ընտանիքին կողմէ որոշիչ գործողութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մարդոց կեանքեր խլել», կը շեշտեն ծերակուտականները:
Մենենտեզ եւ Փորթմըն Արցախի վերականգնման համար անհրաժեշտ գումարներուն կողքին խնդրեցին միջոցներ յատկացնել ականազերծման աշխատանքներուն համար: