ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման աջակցելու հարցով նամակ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Հայաստանի նախագահը նշած է, որ, դժբախտաբար, կողմերուն միջեւ դեռ կը պահպանուի նոր վէճերու ի յայտ գալու վտանգը՝ սահմանագծման հարցին վերաբերեալ:
Նկատի ունենալով հարցին բացառիկ կարեւորութիւնը եւ արդիականութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան խնդրած է Ռուսիոյ նախագահէն՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման գործընթացին եւ զայն աւարտին հասցնելուն՝ բացառելու համար յետագայ լարուածութիւնը եւ բացասական զարգացումները: