ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ըստ «Ինթըրֆաքս» ռուսական լրատու գործակալութեան՝ Հայաստանի տարածքին մէջ ռուսական ուղղաթիռին զգետնումը սկսած է հետաքննուիլ՝ իբրեւ «դիտումնաւոր ոճիր», ինչ որ շատ աւելի լուրջ յանցանք մըն է քան Մոսկուայի կողմէ նախապէս առաջադրուած «անտարբերութեան հետեւանքով մահ պատճառելու» ամբաստանութիւնը։
Յիշեցնենք, որ ուղղաթիռը ատրպէյճանական ուժերուին կողմէ հարուած ստացած էր Հայաստանի սահմաններէն ներս, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմանին, Երասխ բնակավայրին մօտ։ Իբրեւ արդւնք՝ ուղղաթիռը ինկած էր Հայաստանի լեռնային շրջաններուն մէջ:
Օրին հաղորդուած էր, թէ ռուսական ուղղաթիռը խոցուած է Հայաստանի օդային տարածքին մէջ՝ մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս:
Աւելի ուշ ատրպէյճանական կողմը խոստովանեցաւ, որ իր զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի օդային տարածքին մէջ Հայաստանի դաշնակից Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու ուղղաթիռը խոցուեցաւ՝ նշելով, որ «եղածը պատահականութեան արդիւնք է եւ ուղղուած չէր ռուսական կողմին դէմ»: Ատրպէյճան ներողութիւն հայցեց ռուսական կողմէն ու յայտնեց, թէ պատրաստ է փոխհատուցում տրամադրելու: