ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».-. «Վճռական կերպով պիտի հակադարձենք Իրանի դէմ որեւէ թշնամական արարքի։ Ծոցի մէջ իրանեան երեք կղզիները՝ Մեծ Թոմպը, Փոքր Թոմպը եւ Ապու Մուսան թշնամիներուն դէմ երկրին պաշտպանութեան ճակատը պիտի ըլլան», յայտնեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Հուսէյն Սալամի Ապու Մուսա կղզի այցելութեան ընթացքին՝ աւելցնելով. «Գործնական գետնի վրայ ցոյց տուինք, մենք նոյնպիսի եւ վճռական կերպով պիտի հակադարձենք թշնամիին կողմէ թշնամական որեւէ արարքի։ Բազմաթիւ անգամներ փաստեցինք, որ թշնամիներուն կողմէ որեւէ սպառնալիք կամ յարձակում անպատասխան չենք ձգեր»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս «քանդիչ հակադարձութեամբ» սպառնացած էր ոեւէ մէկուն, որ «Թեհրանի գծած կարմիր գիծերուն կը մօտենայ»՝ շեշտելով. «Իրան աչք պիտի չփակէ իր ազգային անվտանգութեան եւ ազգային շահերուն վերաբերող հարցերուն դիմաց»: