Իր մահկանացուն կնքեց «Ասպարէզ»ի աշխատակից, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ արուեստաբան Ստեփան Թօփչեան։
Ան ծնած էր 1937ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկին պատմալեզուագրական բաժանմունքը: 1959ին աշխատած է Արտասահմանեան երկրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութեան մէջ, իսկ 1960-1966ին՝ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ. 1967-1976ին եղած է ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի, ապա հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող, իսկ 1976-1979ին՝ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալը: 1979էն աշխատած է «Սովետական Գրող» հրատարակչութեան մէջ: 1967էն եղած է ՀՀ Գրողներու միութեան անդամ: 1993էն սկսեալ մասամբ բնակած է Միացեալ Նահանգներ, աշխատակցելով ամերիկահայ մամուլին:
Վերջին տարիներուն պարբերաբար ապրած ու ստեղծագործած էր Հայաստանի մէջ: Անոր հիմնական աշխատութիւններէն են՝ «Շիրվանզադէի Էսթետիկան» (1963), «Րաֆֆու Էսթետիկական Հայեացքները» (1971), «Հայ Նոր Գրականութեան Պատմութիւն» հատորին «Դանիէլ Վարուժան» գլուխը (հատոր 5, 1979), «Անհունի Անդրադարձը» (1982) եւ «Կերպ Եւ Իսկութիւն» (1985)։
Անոր վերջին՝ «Երուանդ Քոչար», մենագրութիւնը հրատարակուելու ընթացքի մէջ է: