
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ ցարդ կը վարէր Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հայրապետական տնօրինութեամբ, 21 Յունուարին Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ:
Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Ենովք քահանայ Եսայեան: