ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ինչպէս Սեպտեմբերին հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը անանուն նուիրատուէ մը 3 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած էր՝ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու եւ յատկապէս ծրագիրին հետեւողներուն համար կրթանպաստներ տրամադրելու նպատակով: Գումարին 2.5 միլիոն տոլարը կրթանպաստներու պիտի տրամադրուի:
Այս նպատակով, համալսարանին մէջ հաստատուած է Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կրթանպաստի հիմնադրամը:
Համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ սկսած է ընդունիլ տարեկան մինչեւ 15,000 տոլարի հասնող կրթանպաստներու դիմումնագիրները:
Մանրամասնութիւններու համար այցելել http://asbarez.com/200363 կայքէջը: