ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին, Լա Քրեսենթայի Քլարք Մեկնեթ երկրորդական վարժարանէն ներս պիտի դասաւանդուի նաեւ հայերէն: Օգտուելով այս հայանպաստ որոշումէն, տեսակցութիւն մը ունեցանք վարժարանի տնօրէնուհի Լենա Պաղպուտարեան-Գորթոշեանի հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը փոխանցենք էական եւ կարեւոր կէտերը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ձեր վարժարանէն ներս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ հայերէն դասաւանդելու ծրագիրը:
ԼԵՆԱ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ-ԳՈՐԹՈՇԵԱՆ.- Իբրեւ ընդհանուր տեսութիւն, նախ ըսեմ, որ աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր, իբրեւ տնօրէնուհի, մեծագոյն ճիգս ու փափաքս եղած է, վարժարանը առաւել եւս բարգաւաճ դարձնել, աշակերտին մօտ պատասխանատուութեան զգացումը բարձր պահել, դպրոցէն ներս գիտութեան եւ արհեստագիտութեան մակարդակը առաւել զարգացնել, եւ մանաւանդ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտութեան հետ սերտ եւ դրական կապեր հաստատելով՝ մօտիկ ըլլալ Կլենտէյլի մեր այս հայահոծ գաղութին:
Նաեւ, միւս կողմէ, գիտենք, որ ազգովին կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապներ: Հայախօսներու, հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւերը օրէ օր կը նուազին: Այս իսկ պատճառով, մեր լեզուն՝ ըլլայ ան արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն, կ՛ապրի այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ կը սպառնայ մեր գոյութեան: Անոր համար հայեցի դաստիարակութեան գործն ալ օրէ օր աւելի սկսած է դժուարանալ: Լեզուն գիտնալը բաւարար չէ: Լեզու մը, որ չի գրուիր կամ չի խօսուիր տան, դպրոցին կամ շուկայի մէջ, կը կորսուի:
Արդ, ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կու գամ աւելցնելու, թէ մեր երկրորդական վարժարանը իւրայատուկ տեղը ունի Կլենտէյլի կրթական եւ կամ ուսումնական շրջանակէն ներս: Այս տարի աշակերտութեան թիւը` մօտաւորապէս 1200 է, որուն 74 տոկոսը հայ է: Իսկ գալով հայերէնի դասաւանդութեան, յայտնեմ, որ Կլենտէյլի երկու մեծ երկրորդական վարժարաններէ ներս, արդէն տարիներէ ի վեր մեր մայրենին կը դասաւանդուէր: Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Նաեւ ըսեմ, որ համալսարաններէն ներս ընդունուելու համար ուսանողներէն կը պահանջուի ունենալ նուազագոյնը երկու տարի օտար լեզուներու վարկանիշեր:
Մեր վարժարանէն ներս սպաներէնի կողքին այլ լեզուի մը ուսուցման դրութիւնը ունէինք: Մեր աշակերտները, ծնողներն ու գաղութը տարիներ առաջ ուզած էին մեր վարժարանէն ներս ալ դասաւանդուէր հայերէն լեզուն: Սակայն ոչ մէկ արդիւնք: Իմ շրջանիս, ընդառաջելով այս մեծ փափաքին, պատրաստեցինք յատուկ հարցախոյզ մը, որուն մէջ տեղ գտան այն բոլոր լեզուները, որոնք ընդունելի են համալսարաններու կողմէ: Արդիւնքը այն եղաւ, որ հայերէնը գրաւեց առաջին տեղը, ապա ֆրանսերէնը եւ յետոյ ռուսերէնը: Ուստի որոշեցինք այս նոր տարեշրջանին հայերէն դասաւանդել:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ո՞վ է նոր դասատուն եւ ի՞նչ դասագիրք կ՛օգտագործուի:
ԼԵՆԱ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ-ԳՈՐԹՈՇԵԱՆ.- Պաշտօնապէս բոլոր աշխատանքներն ու դիմումները ամբողջացնելէս ետք տեղեկացուցինք Կլենտէյլ քաղաքի միացեալ կրթաշրջանի (GUSD) խորհուրդին եւ վերահսկիչին, որոնցմէ մեր այս ծրագրի իրականացման համար ստացանք նաեւ քաջալերանքներ, որոնց համար մեծապէս շնորհակալ ենք:
Անկէ ետք, գաղութիս ծանօթ եւ հայերէն լեզուի փորձառու դասատու-ուսուցչուհի եւ մանկավարժ Նինա Մինասեանը պաշտօնի կոչուեցաւ եւ այս ձեւով 9րդ կարգէն սկսեալ, այս տարի սկսանք հայերէն դասաւանդել: Իսկ գալով դասագիրքերուն, ըսեմ որ ներկայիս Հայաստան պատրաստուած եւ շրջանիս Մարիամեան-Դաւիթեան վարժարանէն ներս օգտագործուած հայերէն լեզուի գիրքը կը գործածենք: Դասաւանդութիւնը արեւելահայերէն է միայն:
Սակայն նկատի ունենալով մեր աշակերտներուն իրավիճակը նաեւ իմ մեծ փափաքս է, որ ապագային արեւելահայերէնի կողքին` արեւմտահայերէնն ալ ներառնենք մեր այս ծրագրէն ներս? նաեւ ունենալ միւս օտար լեզուներուն նման, հայերէնի AP քննութիւններ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ են ձեր նկատողութիւններն ու թելադրանքները ձեր վարժարանէն ներս այս ծրագրին իրագործման առիթով:
ԼԵՆԱ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ-ԳՈՐԹՈՇԵԱՆ.- Ճիշդ է, որ հայերէնի ուսուցումը, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, որոշ չափով կը դժուարանայ, դպրոցի, ընտանեկան յարկի ու մանաւանդ շրջակայքի մէջ օտար լեզուի ներկայութեան պատճառով:
Այս մէկը մտահոգութիւն մըն է բոլորիս համար: Աշակերտներու մօտ հայերէնի դասաւանդման կարեւորութիւնն ու պահանջը կախում ունի մանաւանդ մեր ծնողներու այս հարցին մօտեցումներէն, քաջալերանքէն եւ գնահատականէն: Եթէ կը հաւատանք, որ հայու ինքնութիւնը կը կազմաւորուի նաեւ իր մայրենի լեզուով, ուստի մեր ծնողներուն վզին պարտքն է իրենց զաւակները այս ուղղութեամբ առաջնորդել: Դժբախտաբար կայ հետեւեալ մտածելակերպը, թէ «զաւակս արդէն հայերէն խօսիլ իմանում է», կամ «ի՞նչ պէտք կայ հայերէնի, հոս Քալիֆորնիա է եւ սպաներէնը երկրորդ լեզու կը նկատուի…»:
Նաեւ ցաւալի երեւոյթ է տեսնել մեր ծնողներուն իրենց մեծ ու փոքր զաւակներուն հետ անգլերէնով հաղորդակցելու սովորութիւնը:
Ահա թէ ինչո՞ւ հայերէնի ուսուցումը դժուարին առաքելութիւն մըն է այս օրերուն:
Մեր մօտ, յատկապէս մեր տուներէն ներս ու մեր ծնողներու մօտ, մօտեցումները, մեր ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք է վերանայումի ու վերարժեւորումի ենթարկենք:
Առանց չափազանցելու կրնանք հաստատել, որ աշխարհի գեղեցիկ եւ լիակատար լեզուներէն մէկն է մեր հայերէնը: Ուստի նոր շունչ տանք, որովհետեւ այս ձեւով նաեւ պահպանած կ՛ըլլանք մեր մնայուն արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հայերէնի այս բոլոր ուսումնական մտահոգութիւնները նաեւ կը պատկանին բոլորիս: Լեզուն խօսելով եւ գրելով, հայ աշակերտի միտքն ու հոգին ներդաշնակ զարգացում կը ստանան:
Եւ եթէ կամքը կայ, ուստի ի զուր չեն ջանքերը:
ԱՄՓՈՓ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ` ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԼԵՆԱ ՊԱՇՊՈՒՏԱՐԵԱՆ-ԳՈՐԹՈՇԵԱՆԻ
Տնօրէնուհի Լենա իր նախակրթութիւնը ստացած է Լիբանանի Մարտիկեան Ազգ. վարժարանին մէջ: Ապա յաճախած է Հայ Աւետարանական քոլեճը: 1976ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ ընտանեօք կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ, ուր ան կը յաճախէ Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ 1979ին ան կը յաճախէ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը,ապա` Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանը, ստանալով պսակաւոր գիտութեան տիտղոսը ուսողութեան մէջ: Կը դառնայ ուսուցիչի օգնական Կլենտէյլի R. D. White նախակրթարանին (1986-1988) եւ Toll միջնակարգ վարժարանին մէջ (1988-1989):
1990ին կ՛ամուսնանայ հալէպահայ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ Գէորգ Գորթոշեանի հետ եւ կ՚ունենան երկու մանչ զաւակ՝ Արէն եւ Ալեք:
Լենան իր ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանը եւ արժանացած մագիստրոս գիտութեան տիտղոսին` կազմակերպման, ղեկավարման եւ գործելակերպի ուսուցման մարզերէն ներս: 1999ին կը վարէ Կլենտէյլի Հուվըր երկրորդական վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը: Ան նաեւ նշանակուած է Լոս Անճելըս քաղաքի կրթական շրջանի թուաբանութեան տեսչուհի:
Ան աշխատած է նաեւ նահանգային մակարդակի տարբեր յանձնաժողովներու մէջ: Անցնող չորս տարիներուն ան նաեւ եղած է անդամ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին:
Երեսուն եւ աւելի տարիներու փորձառութեան տէր Լենա Գորթոշեան 2011ին կը ստանձնէ Լա Քրեսենթա գտնուող Քլարք Մեկնեթ վարժարանի փոխտնօրէնուհիի պաշտօնը, իսկ Յուլիս 2016էն ի վեր, ան արդէն երկրորդական այս հսկայ վարժարանին տնօրէնուհին է: