ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Ազնաւուր» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ հաւաքուած մարդասիրական օժանդակութեան հերթական խմբաքանակը նախընթաց օր հասաւ Հայաստան։ Հիմնարկի Երեւանի գրասենեակին կողմէ այս առթիւ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն նոր խմբաքանակով Հայաստան հասած է 105 թոն օգնութիւն։ Արցախի երկրորդ պատերազմին հետեւանքով տուժած ժողովուրդին կը յատկացուին այս բոլոր օժանդակութիւնները։
Այս նոր խմբաքանակը եւս Հայաստան ուղարկուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան զօրակցութեամբ։ Օգնութեան այս խմբաքանակը կ՛ընդգրկէ բժշկական պարագաներ։
Ընդհանուր առմամբ, իր մարդասիրական օժանդակութեան շրջանակներէն ներս «Ազնաւուր» հիմնադրամի եւ իր շուրջ համախմբուած գործընկեր կազմակերպութիւններուն միջոցաւ՝ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ հաստատուած 19 ընդունման կէտերու վրայ հաւաքած է աւելի քան 175 թոն մարդասիրական օգնութիւն։