Պրիւքսէլ, «Ռոյթըրզ».- ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու այս շաբթուան ժողովը առիթ մը եղաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն առաջին պաշտօնական հանդիպումին։
Էնթընի Պլինքըն իր յայտարարութիւններուն մէջ փորձեց ՆԱԹՕի դաշնակիցներուն միջեւ միասնականութիւն խրախուսել։
Պլինքըն շեշտեց, որ Թուրքիոյ պարագային խնդրոյ առարկայ են կարգ մը տարակարծութիւններ, սակայն դաշինքը Թուրքիոյ հետ ունի երկար անցեալ մը եւ անիկա արժէքաւոր դաշնակից մըն է։
«Մենք շահեր ունինք Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕին կապուած մնալուն մէջ։ Համոզուած եմ, որ այս կապը Թուրքիոյ տեսակէտէն եւս շահաւէտ է», ըսաւ Պլինքըն։