ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը վերջերս կրցած է իր հաւաքածոյին վրայ աւելցնել եկեղեցական հինգ իրեր՝ Տիգրանակերտէն եւ Աղթամարէն։
18րդ եւ 19րդ դարերէն մնացած քշոցը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիէն է, իսկ չորս կանթեղները՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներէն։
Թանգարանին վարիչ Մեկի Մանկասարեան Կոշի կը յայտնէ, թէ Ցեղասպանութենէն փրկուած մասունքները կարելի եղած է ապահովել շնորհիւ «Աբրահամեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեան՝ աւելցնելով, որ այդ իրերը մեր պատմութեան լուռ վկաներն են, որոնք նոր տուն մը կը գտնեն թանգարանին մէջ։
Իրերը ներկայիս կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ, սակայն աւելի ուշ պիտի տեղադրուին «Արարատ Տան» Շին մատուրին մէջ։
Թանգարանը ներկայիս բաց է Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, կ.ե. ժամը 1-5, իսկ շաբթուան ընթացքին՝ ժամադրութեամբ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (747) 500-7585 թիւին։