Երեքշաբթի, 23 Մարտի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու՝ այցելեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնը, ընդառաջելով անոր վարչութեան հրաւէրին։
Ատենապետ Աւօ Քապաքչուզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք կատարուեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց, հիմնուելով 100րդ Սաղմոսին վրայ. «Աղաղակեցէք առ Տէր ամենայն երկիր»։
Աւարտին, յանուն եղբայրակցութեան յուշապատկեր մը յանձնուեցաւ առաջնորդ սրբազանին՝ առ ի խորհրդանիշ սիրոյ ու յարգանքի։