ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Հինգշաբթի օր Իզապէլ Աբգարեանը նշանակեց Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի դատաւոր։
44ամեայ Աբգարեան Նիւփորթ Պիչ քաղաքէն է եւ այս տարի նաեւ Օրենճ Քաունթիի Գերագոյն ատեանի յանձնաժողովին անդամներէն մէկը նշանակուած էր։
Նախապէս ան գաւառին իրաւական համակարգին մէջ եւ գաւառային իշխանութեան մօտ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններ եւս ստանձնած էր։
Աբգարեան վկայուած է Ուիթիըրի իրաւաբանական համալսարանէն։