ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս տարի եւս Շամլեան Ազգային վարժարանի աշակերտները տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին Լոս Անճելըս գաւառի Գիտութեան տարեկան մրցանքին ընթացքին։
Մինչ վարքային գիտութեան մարդկային բաժանմունքին մէջ իր ուսումնասիրութեան համար առաջնութիւն շահեցաւ Նանար Շահինեան, տարբեր բաժանմունքներու մէջ երկրորդ դիրքը գրաւեցին Նարեկ Խաշաքի, Քէյթլին Պաղտասարեան, Նիքոլ Յակոբեանս, Իզապէլ Քութնուեան եւ Էլլա Ղազարեան։
Երրորդ դիրքերը գրաւեցին Տարօն Գասպարեան եւ Լիլիան Շամամեան, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Քամի Տէրպապեան, Ամարաս Էլիասփուր եւ Ալեք Մորատի։
Յիշատակութեան արժանացան նաեւ Ճորճ Պաղտասարեան եւ Սեպասթիան Մինասեան, իսկ յատուկ մրցանակներու արժանացան Նանար Շահինեան, Նարեկ Խաշաքի եւ Տարօն Գասպարեան։