ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի ջանքերով, գաւառը 101,545 տոլարի աջակցութիւն տրամադրեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, որ գումարը պիտի տրամադրէ մօտաւորապէս 520 կարիքաւոր տարեցներու ծառայութիւններ տրամադրելու նպատակին։
Պարկըր միաժամանակ դրուատեց ՀՕՄի տարած բարեսիրական, ընկերային ծառայութեան եւ մշակութային աշխատանքները՝ շեշտելով, որ անիկա միշտ հասած է համայնքին կարիքներուն։
Նշեալ աջակցութեան շնորհիւ կարիքաւոր տարեցներուն պիտի տրամադրուին բնակարանային, փոխադրութեան, թարգմանական, օրինական եւ հանրային սպասարկութիւններէ նպաստ ապահովելու ջանքերուն աջակցութիւն։
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի վարիչ Դալար Այնթապլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պարկըրին եւ գաւառին ցուցաբերած վստահութեան ու աջակցութեան համար, որմէ պիտի օգտուին գաւառի 5րդ ընտրատարածքի տարեց եւ անկար քաղաքացիները։