30 Մարտին, Լոնտոնի մէջ մահացաւ իրանահայ ճանչցուած ազգային-հասարակական գործիչ, հաւատաւոր գաղափարական, «Ալիք» օրաթերթի երրորդ արտօնատէր տոքթ. Ռոստոմ Ստեփանեան։
Ան ծնած էր 1922ին, Թեհրան։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, ապա մեկնած էր Անգլիա եւ ընդունուած Էտինպըրկի համալսարանի բժշկութեան բաժինը՝ ստանալով սիրտանօթային հիւանդութիւններու տոքթորի կոչում։
Ռոստոմ Ստեփանեան պատանի տարիքէն գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Երիտասարդ տարիքին անդամագրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը եղած է կուսակցութեան գաղափարներուն հաւատարիմ եւ անխոնջ զինուորը։
Ան 1960-70ական թուականներուն պատասխանատու դիրքեր ունեցած է իրանահայ համայնքի ազգային-հասարակական եւ կուսակցական կեանքին մէջ։ Մասնաւորապէս, 1960-80 տարիներուն եղած է «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէրը։ Կարեւոր եղած է անոր դերը Իսլամական յեղափոխութենէն ետք «Ալիք» օրաթերթի արտօնագիրի եւ անուան պահպանման ջանքերուն մէջ։