ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառին տնօրինումով, յառաջիկայ Շաբաթ օր, 10 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Կիրակամտից ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութիւն պիտի կատարուի հետեւեալ միաբաններուն՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Արտակ վրդ. Արապեան, Վարդան վրդ. Թաշճեան, Հրանդ վրդ. Թահանեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան: Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութիւնը պիտի կատարուի Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն՝ թէ՛ վարդապետութեան եւ թէ Ծայրագոյն վարդապետութեան թեկնածու հայր սուրբերը պարտին յատուկ աշխատասիրութիւն պատրաստել եւ վեհափառ հայրապետին ներկայութեան զայն ներկայացնել ու պաշտպանել:
Վերոյիշեալ թեկնածու հայր սուրբերուն թէզերու ներկայացումը եւ պաշտպանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 9 Ապրիլի Երեկոյեան ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, կ.ե. ժամը 4:30ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:
Յայտնենք, որ հայր Վարդանը եւ հայր Պետրոսը պիտի չկարենան ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պետական օրէնքներուն եւ արգելափակումներուն պատճառով, սակայն վեհափառ հայրապետին արտօնութեամբ իրենց ծառայած թեմերուն մէջ պիտի ստանան Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները: