ՖԻՖԱն 7 Ապրիլին հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ վերջերս իր կատարած երեք մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեց, նոր դասաւորման մէջ արձանագրած է մեծ ոստում մը՝ 99րդ դիրքէն բարձրանալով 90րդ դիրքը:
Հայաստանի կազմը յաւելեալ 40 կէտեր ապահովելով՝ այժմ ունի 1273 կէտեր եւ կը հանդիսանայ նոր դասաւորման մէջ մեծագոյն ոստումը արձանագրած եւրոպական խումբը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պելճիքա (1783), մինչ 2րդ եւ 3րդ դիրքերը կը գրաւեն Ֆրանսա (1757) եւ Պրազիլ (1743):