ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ 15 Ապրիլին յայտարարեց, թէ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը օրէնսդրական 2021-2022 տարեշրջանին ընթացքին։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Օրէնքներու յանձնախումբը, պատմական քայլ մը առնելով՝ 2017ին հաստատեց նշեալ յանձնախումբը, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր Փորթանթինօ. ան պիտի շարունակէ մնալ յանձնածումբին ատենապետը։
Յանձնախումբը կազմուած էր Փորթանթինոյի առաջարկով եւ համագործակցութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին, նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգային առեւտրական, մշակութային եւ կրթական կապերու սերտացման։
Ներկայիս Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին անդամներն են՝ ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա Էլենա Տուրազօ, Մելիսա Հուրթատօ, Պրայըն Ճոնզ, Էնթընի Փորթանթինօ, Սուզեն Ռուպիօ, Հենրի Սթըրն, Սքափ Ուինըր եւ Սքաթ Ուիլք։