Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ողջունէ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը, որ արգասինքն է Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու երկար տարիներու նուիրեալ ջանքերուն։
Երախտապարտ կը մնանք ամերիկացիներուն՝ մարդկային իրաւանց ի նպաստ իրենց այս քայլին, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն նեցուկ կանգնելու վեհանձն քայլերուն համար։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 106 տարի առաջ սկսած էր գործադրուիլ, անոր պաշտօնական ճանաչումը կը շարունակէ կենսական մնալ ապագայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման համար։ Դար մը առաջ, աշխարհը ձեռնածալ մնաց, մինչ 1.5 միլիոն հայեր կը բնաջնջուէին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, իսկ այս դարուն, նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերեց Ռուանտայի եւ Պալքաններու մէջ, սակայն անկէ ետք միջազգային համայնքը սկսաւ իր պատասխանատուութիւնը ընդունիլ՝ ցեղասպանութիւններու, պատերազմական ոճիրներու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ցեղային մաքրագործման ջանքերու կանխարգիլման մէջ։
Արցախի մէջ ցեղային մաքրագործման նորագոյն ջանքերուն լոյսին տակ, միջազգային համայնքը պէտք է գործնական քայլերու դիմէ՝ կասեցնելու համար զանոնք։ Անցեալ տարի ականտես եղանք թէ ինչպէս Ատրպէյճան, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, բռնարարքներու դիմեց Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ ու տեղահան ըրաւ անոր մէկ մասը։ Անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր, պատերազմական ոճիրներ, ներառեալ՝ բնակելի շէնքերու, եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու ռմբակոծումներ, արգիլեալ զէնքերու օգտագործում եւ գերիներու նկատմամբ անմարդկային բռնութիւններ կ՛արձանագրուին Արցախի տարածքին եւ տեղւոյն հայութիւնը կը գտնուի բնաջնջումի լուրջ վտանգին առջեւ։ Միջազգային համայնքը պէտք է գիտակցի, թէ չի կրնար նոր ցեղասպանութիւն մը արտօնել իր աչքերուն առջեւ։
Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու նկատելու քայլը կենսական քայլ մըն է ապագայի բռնարարքներու կանխարգարիլումը ապահովելու համար։
Մինչ կ՛ողջունենք եւ արդարութեան հասնելու համար բանալի քայլ մը կը նկատենք նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը, կ՛ուզենք շեշտել, թէ արդարութիւնը պիտի հաստատուի միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ վնասուց հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ Հայկական Հարցին արդար լուծումը։ Մեր գործը չէ աւարտած եւ կ՛ուխտենք կրկնապատկել մեր ջանքերը, մինչեւ Թուրքիա ընդունի իր ոճիրները եւ արդար հատուցում տայ հայ ազգին եւ մինչեւ հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի նպատակին։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ