ՎԵՀԱՆՈՒՇ ԹԵՔԵԱՆ
Մենք բոլորս հսկումի մէջ ենք
Էսօր դուման է մեր լեռների վրայ
Այսօր փամփուշտ կայ հայ սիրտերու մէջ,
Հին թնդանօթները բացած են իրենց ենթալեզուն:
Ինչու ես ստիպուեցա՛յ դիմաւորել
Երկրիս անդամահատումը,
Ինչո՛ւ ես պիտի դիտէի տարիներով բեմադրուող եղերախաղը,
Մոխրակիր դաշտերը եւ աստղերը կարմիր,
Գիտակցելով որ ամբողջ աշխարհի մէջ
Այսքան կարմիր չեն աստղերը:
Եւ հիմա՝ աղմուկը որ դարանակալ ձայներու
Ոստայնին մէջ կը թփրտայ
Եղկումեղկ լեզուներով
Մեղմացած, քաղցրագին, սպառնական
Պատրանացնոր ու ինքնահար:
Բացէ՛ք վարագոյրները որ տեսնէք այս թունաւոր աղմուկը,
Գերեզմանատունէն յառնող մորմոքն ու բողոքը
Մինչ տեղի կ՛ունենայ ազգի կեանքի՛ն ցնցումը:
Կազմ ու պատրաստ եկան
Եկան յաղթաբիբ աչքերով
Ուր կը շնչէին դարերու փոթորիկները,
Եկան ոստայնակերպ թշնամիները մատնելու կրակի՛ն:
Եւ արդարութիւնն էր
Արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ,
Ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ
Իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէ՜ր վերածուած:
Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան
Խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը,
Դիակները մնացին Երկրի մայրական գիրկին մէջ:
Վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն՝
Մէկը միւսին անցուցին ծածկագիրը եղելութեան,
Հողին տակը ծածուկ թուղթեր պահեցին:
Նորընծայ, հայրենաշունչ ուխտաւորներ
Ընտանեկան դռներէ ելած մատղաշ տղաք,
Տուն ու ընտանիք թողած կամաւորներ,
Հում եւ արնաշաղախ խռովքներով
Ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ,
Նուազագոյն զէնքը որ տրուած էր իրենց:
Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք
Աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ
Կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
Իրենց արեան հետ յո՜յսը հոսեցուցին:
Երանաբաղձ ու լուսանցոյց այդ դէմքերը
Մատաղատի աչքերով այդ դէմքերը
Դաւադրաբար ինկան
Իրենց արեան շապիկներուն վրայ
Որ կնքուեցաւ յուսափշուր ցեղին
Արիւնլուայ սիրտով:
Շապիկները արեան՝ սահմանացիր, բերկրապատառ,
Բարձի նման կակուղ եւ բարձի պէս կարծր:
Պէ՛տք է բերել ամոքում համասփիւռ ազգին.
Մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի,
Տրտմութիւնը՝ զայրոյթի, աղէտը՝ կշիռքի,
Եւ ցաւը՝ ձայնի:
Կամուրջներ չկան,
Մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ:
Բռնարարին երեսին շպրտէ իր քարոզած
Շեղջակոյտերը,
Երբ չի թողուց որ մեր պողպատէ ձեռքերը
Յաղթանակի ուրախութիւնը շոյեն:
Ծնրադրէ խունկով՝ արեան երկրատարած
Զինազգեստներուն քով,
Եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
Որ այսպէս է
Երբ Սէրը՝ Կեանքէ՛ն աւելի մեծ կ՛ըլլայ: