ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով, Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ մարմինը (UACLA), նկատի ունանալով համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները, այս տարի կրօնական արարողութեամբ մը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ, առաջնորդութեամբ համայնքին տարբեր յարանուանութիւնները ներակացնող հոգեւորականներուն:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ:
Ապրիլ 24ի յետմիջօէին, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀԵԴի կազմակերպած բողոքի ցոյցը, հազարաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ, դատապարտելու համար Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի շարունակուող ջանքերը։