ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Ապրիլին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախարարներ եւ կառավարութեան այլ անդամներ: Անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
Յուշահամալիրը այցելեցին նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, օտար դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր բազմահազար հայորդիներ, սփիւռքահայեր եւ օտարներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին անգամ մը եւս յարգեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին` ի յիշատակ անգերեզման մնացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն:
Յատկանշական էր, որ այցելուներուն կարգին էին Արցախեան վերջին պատերազմին վիրաւորուած զինուորներ եւ անոնց հարազատները։