Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մամլոյ ազատութիւնը զաւեշտ է եթէ իրադարձութեանց մասին տեղեկատուութիւնը չէ երաշխաւորուած եւ եթէ իրադարձութիւնները իրենք առարկան չեն վիճարկումի:
անա Արենթ*
Պէտք է խօսիլ մամլոյ ազատութեան մասին, միաժամանակ խօսիլ կրպակ-կազէթի եւ կողմնապաշտական ախտաւոր թմբկահարութեան մասին, որուն բեմն են այսօրուան ընկերային ցանցերը:
Մամլոյ ազատութիւնը միշտ անհանգստացուցած է: Անհանգստացողներ միշտ ուզած են սահմանափակել այդ ազատութիւնը, զայն համարել թմբկահարութեան միջոց, վարագուրել ճշմարտութիւն, թերի, թերացում: Այս պատճառով ալ մամլոյ ազատութեան համար մղուած պայքարները չեն աւարտիր: Հարկ է հետեւիլ Հանա Արենթի միտքին: Արդարեւ, մամլոյ ազատութիւնը կը դադրի երբ իրադարձութիւններու մասին տեղեկութիւնը կը շեղի ճշմարտութենէն, կը խմբագրուի ըստ տարբեր միտումներու: Ըսի-ըսաւները, հիմա նորոյթ է ըսել ֆէյքերը, զեղծուած լուրերը, ժխտումն իսկ են մամլոյ ազատութեան:
Ժամանակակից ֆրանսացի լրագրող Տեւի Բլէնէլ, քաղաքական հետախուզող լրագրող է, հիմնած է համացանցային անկախ լրատուամիջոց Mediapartը, որ ծանուցում եւ նպաստ չ՛ընդունիր,հարկատու չըլլալու համար, կ՛ապրի իր ընթերցողներու վճարած բաժանորդագիներով: Կ՛ըսէ. «Մամլոյ ազատութիւնը լրագրողներուն մենաշնորհը չէ, այլ՝ քաղաքացիներուն իրաւունքը»: Լրագրողը պիտի գիտնայ, որ քաղաքացիին իրաւունքն է ստանալ ճիշդ տեղեկութիւն, ոչ մասնակի, ոչ ձգտումնաւոր: Այսինքն՝ լրատուամիջոցը պիտի ըլլայ արդար, ճշմարտախօս, առարկայական, անկախ: Պիտի չըլլայ խօսափող, պիտի չծառայէ իշխանաւորին կամ անոր մրցակիցին: Իսկ քաղաքացին, իր կարգին տէր պէտք է կանգնի իր այդ իրաւունքին: Կը կանգնի՞:
Մամլոյ ազատութեան աւանդական տիպար օրինակ է ֆրանսական Le Canard Enchaine կիսաերգիծական շաբաթաթերթը, որ ծանուցում եւ նպաստներ չ՛ընդունիր: Չի վարանիր դէպքերը իրենց անուններով կոչելէ, մեծ ու պզտիկ խաղքութիւնները լոյսի կը բերէ: Որքա՜ն դաստիարակիչ պիտի ըլլար, որ լրագրող եւ հրապարակագիր, իրենց գրասեղանին կամ լուսանկարչական սարքին վրայ գրէին այս թերթի նշանաբանը. «Մամլոյ ազատութիւնը կը մաշի այն ատեն երբ զայն չենք գործածեր«: Այսինքն լրագրողը համակրանքով եւ հակակրանքով չ՛առաջնորդուիր: Առանց մամլոյ եւ մամուլի աշխատաւորին ազատութեան, թերթը կը դառնայ տպուած թուղթ, ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլը Շէյքսփիրի բանաձեւումով՝ «բազում աղմուկ վասն ոչինչի», կամ անցեալի մունետիկի թատրոնի նոր ձեւի շարունակութիւնը:
Երբ դրամատէրեր, կազմակերպութիւններ, իշխանութիւններ կը հակակշռեն լրատուամիջոցներու տնտեսական միջոցները, երբ անոնք հարկատու են ընկերութիւններէ ստացուած ծանուցումներու եկամուտին, կը ստիպուին քայլ պահել, քանի որ երբ ծորակները փակուին, լրատուամիջոցն ալ կը փակուի:
Հանրային կարծիք առաջնորդող լրատուամիջոցներու զուգահեռ կան նաեւ անհատական կրպակ-լրատուամիջոցներ, որոնք կը նմանին ծանուցումներու որմազդի, անոնց հրամցուցած տեղեկատուութիւնը սեփական աղբիւրէ չի գար, ինչպէս կ՛ըսէ Հանա Արենթ, երաշխաւորուած չէ, յաճախ համացանցի ընծայած դիւրութիւններով այստեղէն-այնտեղէն ստացուած տեղեկութիւններէ քաղուած-կպցուած են:
Մամլոյ ազատութիւնը կ՛ենթադրէ մամուլին եւ մամուլի աշխատաւորին անկախութիւնը:
Մամլոյ ազատութեան եւ մամուլի աշխատաւորին անկախութեան հարցերը հայկական իրականութեան մէջ այլապէս քննելի են: Դժբախտաբար չունինք այն հասարակութիւնը, որ որպէս համրանք, միայն իր բաժանորդագրութեամբ մամուլ պահէ, մամուլի աշխատաւորին ապահովէ որակաւոր կերպով շարունակել իր գործը, ըլլայ իր ընտրանքներուն եւ հետախուզումներուն տնօրինողը:
Մեր ժողովուրդի պարագային, հայ մամուլը եւ մամուլի աշխատաւորը, դժուար պայմաններու մէջ պէտք է հետեւին, հետեւէին, իրենց կոչման, առանց իրենց հոգին ծախելու:
Մամլոյ եւ մամուլի աշխատաւորին ազատութեան հարցը մեր ժամանակաշրջանի հնարանքը չէ: Անոր կարեւորութեան անդրադառնալու համար մտածողներ չեն սպասած յեղափոխութիւններու:
ԺԸ դարու մեծերէն Վոլթէրի միտքը այսօր ալ ալ առաջնորդող պէտք է ըլլայ ե՛ւ լրագրողին ե՛ւ անոր անկախութեան երաշխաւոր հասարակութեան համար: Լսենք զինք եւ այդպէս եզրակացնենք այս հպանցիկ ակնարկը, դիտենք մենք եւ զիրար, աստ եւ անդ. «Զօրավիգ կանգնինք մամլոյ ազատութեան, ան հիմքն է բոլոր միւս ազատութիւններուն, այդ միջոցով է որ զիրար կը լուսաբանենք»: Այս կ՛ենթադրէ անաչառութիւն եւ քաջութիւն:
Այսօր Մայիս 1 է, Աշխատաւորութեան միջազգային օրը: Նաեւ օրը մամուլի աշխատաւորին, որուն մտածելու եւ արտայայտուելու ազատութիւնը պէտք է երաշխաւորել անոր տնտեսական անկախութեամբ, պարզ բառերով՝ բարեկեցութեամբ:
1 Մայիս 2021
Նուազի-լը-Կրան
* Հանա Արենթ, Ի դարու քաղաքագէտ, իմաստասէր եւ լրագրող: Վերլուծած է քաղաքական կեանքը, բացարձակատիրութիւնը, արդիականութիւնը եւ պատմութեան իմաստասիրութիւնը: